2015-06-03 11:20:00

Դաստիարակել այսօր եւ վաղը` միջազգային համագումար Փարիզի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 3 յունիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Դաստիարակել այսօր եւ վաղը'' բնագիրը կրող  համագումար, կազմակերպութեամբ ՈՆէՍՔՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի  Առաքելական մնայուն դէտի եւ համագործակցութեամբ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովին։

Համագումարը կազմակերպուած է  2015-ին  նշուելիք կարեւորագոյն տօնախմբութիւններու ծիրէս ներս,  որոնց շարքին ՝  ՈՆէՍՔՕ –ի հիմնադրութեան  70 ամեակը, Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի քրիստոնէական դաստիարական հայող ''Gravissimum educationis''  հռչակագիրի հրապարակման 50-րդ ամեակը եւ ''Ex corde Ecclesiae'' կաթողիկէ համալսարաններու հայող Առաքելական սահմանադրութեան 25 ամեակը։

Վերոնշեալ ձեռնակներու  տօնակատարութիւնները կը վկայեն Միջազգային ընտանիքի եւ Սուրբ Աթոռի  դաստիարակչական մարզին համախոհ ուշադրութիւնը ՝ ոչ միայն որպէս միջոց՝  ընկերութեան զարգացման համար, այլ որպէս գործիք՝ երկխօսութեան , հանդիպումի եւ խաղաղութեան ի նպաստ։

Յայտնենք, թէ վերոնշեալ համագումարին բացումն ու փակումը կը կատարէ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Զէնոն Կրոքոլեվսքին մինչ՝ համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին որ իր ունեցած ելոյթին մէջ, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին. գնահատանք եւ մաղթանք յայտնեց ՈՒՆԷՍՔՕ-ի հիմնարկութեան նշման 70 ամեակի առթիւ՝ մարդու մշակութային ժառանգութեան եւ դաստիարկչութեան ու գիտութեան զարգացման համար տածած աշխատանքներուն, հաստատելով թէ ՝՝մշակոյթն ու դաստիարակութիւնը Եկեղեցւոյ կողմէ չեն համարուած որպէս Աւետարանացումի լոկ միջոցներ, այլ՝ որպէս մարդկային ծաւալ, օժտուած ներքին բարձր արժէքնրեով։

 Շօշափելով մանկավարժական եւ եկեղեցւոյ դաստիարակչութեան աւանդութեան նիւթը Կարինալը յայտնեց. թէ անոնց արմատը կը գտնուի Աստուածաշունչի մարդաբանութիւնը  այսինքն սիրոյ յարաբերութիւնը Մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ։

Կադինալ Փարոլին ապա նշեց ժամանակակից  Եկեղցեւոյ դաստիարկչական  մարզէն ներս դերութիւններն ու  հեռանկարները ըսելով թէ ներկայի ընկերութիւնը բնորոշուած  է  բազմա-ինքնութիւն ունցեող դիմագիծներով ինչ որ մեզ կը  մղէ որդգրելու երկխօսութեան եւ բաղդատութեան ուղին։ Եկխօսութեան կազմաւորումով եւ համերաշխ բաղդատութիւն կատարելով . կը խուսափինք անհաղորդակցութեան վտանգէն , նպաստելով հանդիպումի կառուցողականութիւնը  եւ փոխադարձ հասկացողութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին ապա շեշտեց Մարդու կեդրոնականութեան վրայ ու ելողթը եզրափակեց  քաջալերելով ՈՒՆՍՔՕ-ին շարունակելու իրեն գործունէութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.